2016-01-02 13:27:00

Գերերջանիկ Սաքօ Պատրիարքի գնահատումով` Իրաքը կարիքը ունի քաղաքական ծրագիրի մը։


(Ռատիօ Վատիկան) 2016 ամանորին առթիւ Իրաքի Քաղդէացիներու Պատրիարքը իր բարեմաղթական պատգամ մը յղելով գրած է որ Իրաքը կարիքը ունի դրական, յստակ քաղաքական ծրագիրի մը, որ կարող ըլլայ կասեցնելու երկրին անկումը միատեղ հաւաքելով երկրին բաղկացուցիչ զանազան տարրերը ի խնդիր երկրին կայունութեան, ազգային միութեան ու քաղաքացիական անխտիր հաւասարութեան օրէնքին առջեւ։ 

Պատգամին մէջ Պատրիարքը իր ուրախութիւնը   յայտնած է որ  2016ը ըլլայ բարեբեր` սկսեալ Ռամատի քաղաքին ազատագրումէն։ ''Այս յաղթանակը կը հզօրացնէ մեր յոյսը'' գրած է Պատրիարքը եւ շնորհաւորութիւնները փոխանցած է Իրաքի բանակին ու ''peshmerga'' քիւրտերուն։ Պպատգամին մէջ պատրիարք Սաքօ  ապա կոչ ուղղած է  կրօնապետերուն որ աշխատին  իրաքցիներուն ջամբել` առողջ ու բաց մշակոյթ մը, անոնց մէջ զարգացնելով հանդուրժողութեան, հիւրընկալութեան եւ ուրիշներու յարգանքի արժէքները, ''առանց այս մշակոյթին մեր երկիրը պիտի չկարողանայ վերագտնել խաղաղութիւնը'' գրած է գերերջանիկ Պատրիարք Սաքօ։








All the contents on this site are copyrighted ©.